«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Սփըրզը
«Էն. Պի Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ - Սան Անթոնիօ Սփըրզ երկրորդ ճակատումը: Ուորիըրզ, որ առաջին մրցումին յաղթած էր 113-111 արդիւնքով, երկրորդին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց, այս անգամ` 136-100 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ Ուորիըրզ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Սփըրզը: Երէկուան այս մրցումին Սթեֆըն Քարի ի նպաստ յաղթական կազմին...





