22 մայիսէն 11 յունիս Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը:
Միջազգային մարզական լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ ռուս Մարիա Շարափովա մրցաշարքին կազմակերպիչներէն հրաւէր չէ ստացած` անոր մասնակցելու համար:
Նշուեցաւ, որ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը չէ ուզած, որ մրցաշարքին կազմակերպիչները հրաւէր ուղարկեն Շարափովային` նկատի ունենալով, որ խթանիչ դեղերու գործածութեան համար կախակայուած մարզիկները կարճ ժամանակով պէտք է հեռու մնան կրան շլեմի մրցաշարքերէն:
30 տարեկան Շարափովա ֆրանսական այս մրցաշարքի կրկնակի ախոյեան է: