Ֆրանսական Ռեմ խումբի մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեան շատ հաւանաբար այս ամրան լքէ իր կազմը:
«Ար. Էմ. Սի.-Սփորթ» կը հաղորդէ, որ Մոնփելիէ կը փորձէ համաձայնութեան գալ Հայաստանի ֆութպոլի ապագային հաւաքականի նախկին յետսապահին հետ` անոր առաջարկելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը. վերջինս տարիով մըն ալ երկարաձգելու կարելիութեամբ:
54 տարեկան Տէր Զաքարեան չյաջողեցաւ այս տարեշրջանին իր կազմը Ա. դասակարգէն բարձրացնել «Լիկ-1», մինչ Մոնփելիէ յառաջիկայ տարեշրջանին ապահոված է իր տեղը «Լիկ-1» մէջ: