Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Օրտապասի – Սիրոքի Մրցումին Իրաւարարները Հայաստանէն Էին

Հայկական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներէն մէկուն իրաւարարները Հայաստանէն էին: Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած Օրտապասի Շիմքենդ - Սիրոքի Պրիժեկ մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը եղաւ Զաւէն Յովհաննիսեան, կողմի իրաւարարներն էին Ատոմ Սեւգուլեան եւ Արման Ղուշչեան, իսկ չորրորդ իրաւարարը եղաւ Արտակ Սիմոնեան: Այս մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:

Լուէյզի Պարգեւատրեց Իր Ախոյեանները

Լուէյզի վարժարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Լուէյզի ակումբը պարգեւատրեց իր բոլոր ախոյեանները (երկսեռ), որոնք 2016-2017 տարեշրջանին արձանագրելով բացառիկ յաջողութիւններ, տիրացան տարբեր տեսակի մրցանակներու: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լուէյզի վարժարանի նախագահ հայր Շարպել Հատտատ, ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Լուիս, Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիր, այլ հրաւիրեալներ, մարզիկներ եւ մարզական լրագրողներ: Հայր Շարպել Հատտատ շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները անոնց...

Լիբանանի Սուսերամարտի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ ընդունեց Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Զէյտանի: Անոր կ՛ընկերակցէին մարզիկներ Մունա Շէայթօ եւ Տոմինիք Թաննուս: Այս այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, որ Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն պատրաստուելու ծիրին մէջ մեծապէս կը զօրակցի այս մարզին: Իր կարգին, Ժան Համմամ յաջողութիւն մաղթեց...

Մաուրօ Գեւգէօզեան Տեղափոխուեցաւ Նիւըլզ Օլտ Պոյզ

Արժանթինեան Թիմփերլէի ուրուկուէյահայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան իր ակումբը լքելով տեղափոխուեցաւ Նիւըլզ Օլտ Պոյզին: Վեց անգամ Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Օլտ Պոյզ, որ մէկ տարուան համար փոխ առաւ Գեւգէօզեանը, անոր ակումբին պիտի վճարէ 120 հազար եւրօ: Օլտ Պոյզ առիթը ունի 600 հազար եւրոյով գնելու 31 տարեկան ֆութպոլիստի փոխանցման իրաւունքին 50 առ հարիւրը կամ մէկ միլիոն եւրոյով ձեռք ձգելու համար ամբողջական փոխանցումը:...

ՖԻՏԷ. Կրան-Փրի. Արոնեան Մրցաշարքը Սկսաւ Հաւասարութեամբ

Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ սկսաւ ՖԻՏԷ-ի կրան-փրիի ճատրակի երրորդ մրցաշարքը, որ աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար կատարուած զտումի մրցաշարքներէն մէկն է: Այս մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան: Հայրենի կրանտմասթըրը հաւասարութեամբ սկսաւ այս մրցաշարքը (ճերմակ քարերով)` Լի Զաոյի դէմ (Չինաստան):

Իլիումժինով. «Գասպարով Մինչեւ Հոկտեմբեր Իրաւունք Չունի Որեւէ Մրցաշարքի Մասնակցելու»

ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով յայտնեց, թէ ուրախ է, որ աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեանը` Կերի Գասպարով որոշեց վերադառնալ ճատրակի աշխարհ, սակայն ան եկաւ յիշեցնելու, որ ՖԻՏԷ-ի թեքնիք յանձնախումբին որոշումով, Գասպարով մինչեւ յառաջիկայ հոկտեմբեր իրաւունք չունի որեւէ տեսակի մրցաշարքի մասնակցելու: Յայտնենք, որ ՖԻՏԷ-ն անցեալին Գասպարովը մեղադրեց անոր նախագահական ընտրութիւններուն ասիական կարգ մը երկիրներու կաշառակերութեան մեղսակից ըլլալու ամբաստանութեամբ` Իլիումժինովին դէմ քուէարկելու միտումով:

Մարատոնային Շնորհուեցաւ Նափոլիի Պատուոյ Քաղաքացիի Տիտղոսը

Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին անուանի աստղ Տիեկօ Մարատոնա դարձաւ Նափոլիի պատուոյ քաղաքացի, հաղորդեց իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը: Ինչպէս ծանօթ է, Մարատոնա 1984-1991 մաս կազմած է Նափոլիի` 259 մրցումի ընթացքին նշանակելով 115 կոլ: Ան իտալական ակումբին հետ 2 անգամ հռչակուեցաւ Իտալիոյ ախոյեան, իսկ մէկական անգամ ալ` Իտալիոյ բաժակակիր, Իտալիոյ գերբաժակակիր եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի տիտղոսակիր: Պատուոյ քաղաքացիի տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը...

Քասիաս Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Փորթոյի Հետ

Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս յայտարարեց, ըսելով, որ Փորթոյի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մէկ տարիով: 2015-ին փորթուգալեան խումբին միացած Քասիաս յայտնեց, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ նոր մարտահրաւէրներու` 2017-2018 տարեշրջանին:

Թորես Տարեշրջան Մը Եւս Պիտի Մնայ Աթլեթիքօ Մատրիտի Հետ

Սպանացի միջազգային յառաջապահ Ֆերնանտօ Թորես որոշեց տարեշրջան մը եւս մնալ իր ակումբին` Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ, նկատի ունենալով, որ ան տարիով մը երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը: 33 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի ամառ: Նախորդ տարեշրջանին ան 45 մրցումի ընթացքին նշանակեց 10 կոլ եւ կատարեց կոլի 7 փոխանցում:

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Նատալ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Խաչանովը

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին հինգերորդ օրը` երէկ, տեղի ունեցան Գ. հանգրուանի շարք մը ճակատումներ: Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով չկրցաւ մրցաշարքը շարունակել, երբ 6-1, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով սպանացի Ռաֆայէլ Նատալէն, հրաժեշտ տուաւ Ուիմպըլտընին: Յաջորդ հանգրուանին Նատալ պիտի մրցի Ժիլ Միւլըրի դէմ (Լիւքսամպուրկ): Գ. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզ,...

Զիտան Կ՛ուզէ Ռոտրիկեզի Հեռացումը

Զիտան Կ՛ուզէ Ռոտրիկեզի Հեռացումը

Սպանական «ԱՍ» օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Զինետին Զիտան ակումբին պատասխանատուներէն խնդրած է ծախել խումբին մաս կազմող քոլոմպիացի միջնապահ Խեմես Ռոտրիկեզը: Ֆրանսացի ֆութպոլի մասնագէտը ըսած է, որ Ռոտրիկեզը պիտի չընդգրկէ իր ծրագիրներուն մէջ: Ներկայիս Ռոտրիկեզով ամէնէն շատ հետաքրքրուած ակումբն է Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 80 միլիոն եւրօ: 2014-ին 25 տարեկան քոլոմպիացին Մոնաքոյէն միացաւ արքայական ակումբին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հուփս Մեթն` 45-48

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ Ժիպէյլի դաշտին վրայ մրցեցաւ Հուփս Մեթնի դէմ: ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, երեք կէտի տարբերութեամբ` 48-45 արդիւնքով (11-5, 22-15, 34-30 եւ 48-45): ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ չորեքշաբթի, 12 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին,...

«Եուրոփա-Լիկ». Հայկական 3 Խումբերն Ալ Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

«Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումները երբեք ալ յաջող չեղան Հայաստանի երեք ներկայացուցիչներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք բոլորն ալ դուրս մնացին մրցաշարքէն` չկարենալով զտումի Բ. հանգրուանին համար տոմս մը ապահովել: Փիւնիկ Երեւան, որ երթին 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Սլովան Պրաթիսլաւայէն, երէկ գիշեր եւս պարտուեցաւ, այս անգամ մրցակիցին դաշտին վրայ` 4-0 արդիւնքով: Շիրակ, որ երթին իր...

Կռփամարտ. Կարօ Մուրատ Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Իր Համակիրներուն

Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Կարօ Մուրատ, գերմանացի Տոմինիք Պոյեսելին նաք-աութի ենթարկելէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեց իր համակիրներուն` զինք քաջարելելնուն համար: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տրեստընի մէջ ինծի աջակցած բոլոր համակիրներուն, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ մէջ կամ աշխարհի տարածքին պատկերասփիւռի կայաններէն զիս քաջալերողներուն», ըսաւ 33 տարեկան Մուրատ: Ասիկա Մուրատի 31-րդ յաղթանակն էր արհեստավարժ ճակատումներու ընթացքին: Ան կատարած է 35 մենամարտ` կրելով միայն երեք...

Լիբանանցի Ֆութպոլիստներու Փոխանցումներ

Լիբանանցի Ֆութպոլիստներու Փոխանցումներ

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին պատրաստուելու համար, կարգ մը խումբեր աշխատանք կը տանին իրենց կազմերը զօրացնելու: Սաֆա յայտարարեց, որ Ահտէն 2 տարեշրջանի համար փոխ առած է 18 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Ժամալ Խալիֆէն: Ան ֆութպոլի աշխարհ մուտք գործած է Ահտի տարիքային խումբերէն: Այլ գետնի վրայ, Սաֆա յաջողեցաւ ձեռք ձգել յառաջապահ Հիւսէյն Աուատան, որ նախորդ տարեշրջանին փոխ առնուած էր Ահտէն:...

Ֆիֆա. Հայաստանի Հաւաքականը Նահանջեց

Գերմանիա Գրաւեց Առաջին Դիրքը ՖԻՖԱ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 5 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ դասաւորման 73-րդ դիրքը: Նախորդ ամսուան դասաւորումէն ետք, Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորած կազմը 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Մոնթենեկրոյէն, մինչ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 5-0 արդիւնքով յաղթեց Սենթ Քից Էնտ Նեւիսի: Գերմանիա,...

Ճատրակ. Տիգրան Պետրոսեան Յաղթական` Ֆիլատելֆիոյ Մէջ

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամ, կրանտմասթըր Տիգրան Պետրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած «Ուորլտ Օփըն-Չես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին հանդիսացաւ տիտղոսակիր, յայտնեցին երէկ հայրենի լրատու աղբիւրները: Առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով ան առանձինը հանդիսացաւ ախոյեան: 2-7-րդ դիրքերը գրաւող ճատրակ խաղացողները ապահովեցին 7-ական կէտ: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 216 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 33-ը` կրանտմասթըրներ:

12 Տարուան Դադարէ Մը Ետք. Կերի Գասպարով Կը Վերադառնայ

Ճատրակի աշխարհի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի «Կրանտ-չես-թուր»-ին: Արագ եւ կայծակնային մրցումներու այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին: 54 տարեկան Գասպարով ընդունած է կազմակերպիչներուն յատուկ հրաւէրը: «Շատ յուզիչ է վերադառնալը` 12 տարուան դադարէ մը ետք», ըսաւ Գասպարով: Սենթ Լուիսի մրցաշարքին Գասպարովի մրցակիցները պիտի ըլլան Հայաստանի հաւաքականի անդամ Լեւոն...

Պասքեթպոլ. Հայաստան – Մալթա` 83-53

Մալթայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի աղջկանց պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, 83-53 արդիւնքով յաղթեց Մալթային: Հայաստան առաջին մրցումին 54-34 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Կիպրոսէն:

Պասքեթպոլ. Հայաստան – Քոսովօ` 54-72

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ Կիպրոսի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, իր կատարած երկրորդ մրցումին եւս պարտուեցաւ այս անգամ Քոսովոյէն` 72-54 արդիւնքով: Իր կատարած առաջին մրցումին Հայաստան պարտուած էր Կիպրոսէն` 80-47 արդիւնքով: Եղիշ Դաւթեանի գլխաւորած խումբին յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Նորվեկիա:

Page 956 of 1277 1 … 955 956 957 … 1,277

Արխիւներ