Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ Ժիպէյլի դաշտին վրայ մրցեցաւ Հուփս Մեթնի դէմ:
ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, երեք կէտի տարբերութեամբ` 48-45 արդիւնքով (11-5, 22-15, 34-30 եւ 48-45):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ չորեքշաբթի, 12 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, երբ նոյն դաշտին վրայ կը մրցի Պըրժ Այնթուրայի դէմ: