Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Կարօ Մուրատ, գերմանացի Տոմինիք Պոյեսելին նաք-աութի ենթարկելէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեց իր համակիրներուն` զինք քաջարելելնուն համար:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տրեստընի մէջ ինծի աջակցած բոլոր համակիրներուն, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ մէջ կամ աշխարհի տարածքին պատկերասփիւռի կայաններէն զիս քաջալերողներուն», ըսաւ 33 տարեկան Մուրատ:
Ասիկա Մուրատի 31-րդ յաղթանակն էր արհեստավարժ ճակատումներու ընթացքին: Ան կատարած է 35 մենամարտ` կրելով միայն երեք պարտութիւն եւ արձանագրելով հաւասարութիւն մը: