Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին հինգերորդ օրը` երէկ, տեղի ունեցան Գ. հանգրուանի շարք մը ճակատումներ:
Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով չկրցաւ մրցաշարքը շարունակել, երբ 6-1, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով սպանացի Ռաֆայէլ Նատալէն, հրաժեշտ տուաւ Ուիմպըլտընին:
Յաջորդ հանգրուանին Նատալ պիտի մրցի Ժիլ Միւլըրի դէմ (Լիւքսամպուրկ):
Գ. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզ, որ 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նաոմի Օսաքան: