Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամ, կրանտմասթըր Տիգրան Պետրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած «Ուորլտ Օփըն-Չես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին հանդիսացաւ տիտղոսակիր, յայտնեցին երէկ հայրենի լրատու աղբիւրները:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով ան առանձինը հանդիսացաւ ախոյեան:
2-7-րդ դիրքերը գրաւող ճատրակ խաղացողները ապահովեցին 7-ական կէտ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 216 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 33-ը` կրանտմասթըրներ: