Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ Կիպրոսի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, իր կատարած երկրորդ մրցումին եւս պարտուեցաւ այս անգամ Քոսովոյէն` 72-54 արդիւնքով:
Իր կատարած առաջին մրցումին Հայաստան պարտուած էր Կիպրոսէն` 80-47 արդիւնքով:
Եղիշ Դաւթեանի գլխաւորած խումբին յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Նորվեկիա: