Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ սկսաւ ՖԻՏԷ-ի կրան-փրիի ճատրակի երրորդ մրցաշարքը, որ աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար կատարուած զտումի մրցաշարքներէն մէկն է:
Այս մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան:
Հայրենի կրանտմասթըրը հաւասարութեամբ սկսաւ այս մրցաշարքը (ճերմակ քարերով)` Լի Զաոյի դէմ (Չինաստան):