Լուէյզի վարժարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Լուէյզի ակումբը պարգեւատրեց իր բոլոր ախոյեանները (երկսեռ), որոնք 2016-2017 տարեշրջանին արձանագրելով բացառիկ յաջողութիւններ, տիրացան տարբեր տեսակի մրցանակներու:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լուէյզի վարժարանի նախագահ հայր Շարպել Հատտատ, ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Լուիս, Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիր, այլ հրաւիրեալներ, մարզիկներ եւ մարզական լրագրողներ:
Հայր Շարպել Հատտատ շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ: