«Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումները երբեք ալ յաջող չեղան Հայաստանի երեք ներկայացուցիչներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք բոլորն ալ դուրս մնացին մրցաշարքէն` չկարենալով զտումի Բ. հանգրուանին համար տոմս մը ապահովել:
Փիւնիկ Երեւան, որ երթին 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Սլովան Պրաթիսլաւայէն, երէկ գիշեր եւս պարտուեցաւ, այս անգամ մրցակիցին դաշտին վրայ` 4-0 արդիւնքով:
Շիրակ, որ երթին իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, երէկ թէեւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, սակայն դուրս մնաց:
Հայկական կազմը մրցումը աւարտեց ինը մարզիկով` նկատի ունենալով, որ Ռոպերթ Դարբինեան (89-րդ) եւ Աղվան Դաւոյեան (91-րդ) կարմիր քարտեր ստացան:
Վերջապէս, դուրս մնաց նաեւ Գանձասար, որ դարձեալ պարտուեցաւ Մլատոսթ Փոտկորիցայէն, այս անգամ` 3-0 արդիւնքով (երթ` 1-0):
Այսպիսով, անոնց երեքին համար ալ այս մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին: