Մալթայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի աղջկանց պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, 83-53 արդիւնքով յաղթեց Մալթային:
Հայաստան առաջին մրցումին 54-34 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Կիպրոսէն: