
Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս յայտարարեց, ըսելով, որ Փորթոյի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մէկ տարիով:
2015-ին փորթուգալեան խումբին միացած Քասիաս յայտնեց, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ նոր մարտահրաւէրներու` 2017-2018 տարեշրջանին: