Ճատրակի աշխարհի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի «Կրանտ-չես-թուր»-ին: Արագ եւ կայծակնային մրցումներու այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին:
54 տարեկան Գասպարով ընդունած է կազմակերպիչներուն յատուկ հրաւէրը:
«Շատ յուզիչ է վերադառնալը` 12 տարուան դադարէ մը ետք», ըսաւ Գասպարով:
Սենթ Լուիսի մրցաշարքին Գասպարովի մրցակիցները պիտի ըլլան Հայաստանի հաւաքականի անդամ Լեւոն Արոնեան, ամերիկացիներ Հիքարու Նաքամուրա, Ֆապիանօ Քարաուանա, ռուսեր Սերկէյ Քարժաքին, Եան Նեպոմնիաչքի, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ, չեխ Տաւիտ Նաւարա, քուպացի` Լենիեր Տոմինկեզ եւ վիեթնամցի Լէ Կուան Լիեմ: