Մարզական

Վարազդատ Հարոյեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ուրալի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ուրալի հետ (Ռուսիա): 24 տարեկան ֆութպոլիստը միացաւ Ուրալին` հեռանալով Փատիտէէն (Իրան): Վարազդատ Հարոյեան արդէն իսկ Ուրալի հետ էր այս վերջին շրջանին եւ Սլովենիոյ մէջ անոր կատարած բանակումին եւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն մասնակցեցաւ: Յայտնենք, որ Ուրալին մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան:

11 Օգոստոսին` Տարեշրջանի Առաջին «Քլասիքօ»-ն

Ռէալ Մատրիտի պատկերասփիւռի ցանցը յայտնեց, որ օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ 2017-2018 տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ն, երբ իրարու դէմ պիտի մրցին Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ եւ Սպանիոյ բաժակակիր Պարսելոնա` Սպանիոյ գերբաժակի մրցումին: Գերբաժակի երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 11 օգոստոսին, «Քամփ-Նու»-ի մէջ, իսկ դարձի մրցումը երկուշաբթի, 14 օգոստոսին` «Սանթիակօ-Պեռնապէօ»-ի մէջ: Պարսելոնայի դէմ իր կատարելիք երթի մրցումէն երեք օր առաջ` 8 օգոստոսին,...

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Գ. Հանգրուանի Խաչանովի Մրցակիցը` Նատալ

Կարէն Խաչանով Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, Գ. հանգրուանին պիտի կատարուի բաւական հետաքրքրական ճակատում մը: Ռուսիոյ թենիսի դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւող Կարէն Խաչանով, որ շրջանցեց Բ. հանգրուանի արգելքը, Գ. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը (4-րդ): 30-րդ դասուած 21 տարեկան մոսկուայաբնակ Խաչանով Բ. հանգրուանին յաղթեց պրազիլցի Թիակօ Մոնթէյրոյի` 3-6,...

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Քերպըր, Ֆետերեր Եւ Ճոքովիչ Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն արձանագրուեցան կարգ մը անակնկալներ: Աղջկանց պարագային 3-րդ դասուած Քարոլինա Փլիսքովա (Չեխիա) անակնալ պարտութիւն մը կրեց 87-րդ դասուած Մակտալենա Ռիպարիքովայէն (Սլովաքիա)` 3-6, 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով: Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց թիւ 1 դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըր: Անոր հետ միասին Գ. հանգրուան...

Լուքա Մոտրիչ Միացաւ Խրուաթիոյ Գ. Դասակարգի Խումբին

Վարաժտին ֆութպոլի ակումբը, որ ելոյթ կ՛ունենայ Խրուաթիոյ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, յայտարարեց, որ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է յառաջապահ Լուքա Մոտրիչի հետ` առանց յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու: Իր նոր կազմին հետ Մոտրիչ պիտի կրէ թիւ 18 շապիկը: Յայտնենք, որ 18 տարեկան Լուքա Մոտրիչ Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող Լուքա Մոտրիչը չէ:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Սկսաւ Մարզիչներու Դասընթացքի

Լուսանկարը Տրամադրեց` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, «Ռամատա Փլազա» պանդոկին մէջ սկսաւ մարզիչներու յատուկ դասընթացք մը, որ պիտի տեւէ շուրջ հինգ օր: Այս դասընթացքը տեղի կ՛ունենայ հսկողութեամբ ՖԻՖԱ-ին, որուն ներկայացուցիչն է քաթարցի Ահմետ Օմար Ֆըսթոք: Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահաֆ շեշտեց այս դասընթացքին կարեւորութիւնը` նշելով, որ լիբանանցի մարզիչներուն ունենալիք յաջողութիւններն ու ձեռք ձգելիք նուաճումները կը նկատուին...

«Եուրոփա Լիկ» Հայաստանի 3 Ներկայացուցիչները Այսօր Յաղթանակներու Կարիք Ունին

«Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Հայաստանի 3 ներկայացուցիչները ամէն գնով յաղթանակներու կարիք ունին, այլապէս անոնց համար այս մրցաշարքը կը հասնի իր աւարտին: Գանձասար-Կապան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, այսօր պիտի փորձէ շրջանցել Մլատոսթ Փոտկորիցայի (Մոնթենեկրօ) արգելքը եւ յաղթանակ մը արձանագրել նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հուփս Մեթն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 6 յուլիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ կը մրցի Հուփս Մեթնի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի նոր տարեշրջանը սկսիլ յաղթանակով:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Աքուաթլոնի Մրցում` Կիրակի, 1 Հոկտեմբերին

Հսկողութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ «Սարատար» դրամատան, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կը կազմակերպէ տարեկան իր աքուաթլոնի մրցումը, որ տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 1 հոկտեմբերին: «Աքուաթլոն Ժունիէ-2017»-ը կ՛ընդգրկէ լողարշաւ եւ վազք: Կազմակերպիչ ակումբը մօտիկ ապագային պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` մրցումին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու նպատակով:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Հրապարակուեցաւ 2017 Տարեշրջանի Յայտագիրը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» 17-29 Յուլիսին` Թենիսի Տարեկան Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 17-29 յուլիսին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի վեց դաշտերուն վրայ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ անոր տարեկան թենիսի բաց մրցաշարքը: Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց բոլոր դասակարգերու տարիքային մրցումները: Կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ մրցանակներու տիրացող մարզիկները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ:

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք. Միւրէյ Եւ Նատալ Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան Բ. հանգրուանի մրցումները: Թիւ 1 դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելով գերմանացի Տասթին Պրաունի: Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (4-րդ)` 6-4, 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ամերիկացի Տանըլտ Եանկը: Աղջկանց մրցումներուն...

«Եուրոփա-Լիկ». Ալեքսանտր Կարապետեանի Խումբը Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ռէյնճըրզը

Սկովտիական ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած Ռէյնճըրզ դուրս մնաց «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, երբ զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փրոկրես Նիտերքոռնիէն, որ նախորդ տարեշրջանին Լիւքսամպուրկի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը աւարտեց չորրորդ դիրքին վրայ: Երթին Ռէյնճըրզ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Յաղթական կազմին` Փրոկրեսի հետ ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Ալեքսանտր...

Փեփէ Դարձաւ Արազ Օզպիլիսի Խմբակից

Ռէալ Մատրիտէն հեռացած փորթուգալցի յետսապահ Փեփէ, որ միացաւ թրքական Պեշիքթաշին, իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիսը: 34 տարեկան Փեփէ, որ 2007-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտին, ըլլալով ազատ ֆութպոլիստ մը, միացաւ թրքական ակումբին` անոր հետ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով: Ան Ռէալի հետ կատարեց 334 մրցում:

Հարաւային Քորէա Ունեցաւ Ֆութպոլի Իր Նոր Մարզիչը

Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Սհին Թայ-Եոնկ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ: 23 անգամ Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած 46 տարեկան Թայ-Եոնկ փոխարինեց գերմանացի Ուլի Սթիելիքը, որ նախորդ ամիս կորսնցուց իր պաշտօնը` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Ֆետերասիոնը նոր մարզիչին եւ թեքնիք տնօրէն Քիմ Հօ-Կոնի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ 2018-ի մոնտիալ: Եթէ անոնք...

«Պունտըսլիկա»-ի Իրաւարարներուն Աշխատավարձը Բարձրացաւ

Գերմանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը («Տի. Էֆ. Պի.») եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի լիկան («Տի. Էֆ. Էլ.») որոշեցին բարձրացնել իրաւարարներուն աշխատավարձը: Եթէ նախապէս «Պունտըսլիկա»-ի կեդրոնի իրաւարարը մրցումի մը համար կը ստանար 3800 եւրօ, այժմ պիտի ստանայ 5000 եւրօ: Կողմի իրաւարարները պիտի ստանան 2500-ական եւրօ, իսկ չորրորդ իրաւարարը եւ մրցումին հսկողը` 1200-ական եւրօ: Բացի ատկէ, ֆետերասիոնն ու լիկան պիտի զբաղին իրաւարարներուն...

Կարճ Լուրեր` Ֆութպոլի Աշխարհէն

Կարճ Լուրեր` Ֆութպոլի Աշխարհէն

Լուիս Կուսթաւօ - ՊՐԱԶԻԼՑԻ միջնապահ Լուիս Կուսթաւօ իր ակումբը` Վոլֆսպուրկը լքելով միացաւ Մարսէյի: Կուսթաւօ, որ «Պունտըսլիկա»-ի իր ասպարէզին սկսաւ 2007-ին` Հոֆընհայմի հետ, մաս կազմած է նաեւ Պայէրն Միւնիխի եւ Վուլվզի: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, անոր փոխանցումը արժեց 10 միլիոն եւրօ: Մաթիաս Կինթըր - ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ միջազգային մարզիկ Մաթիաս Կինթըր Պորուսիա Տորթմունտը լքելով միացաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի: Կինթըր, որ 2014-ին միացաւ Տորթմունտին, չկրցաւ...

Ռիտա Անթարի Հրաժեշտի Մրցումը Պարսելոնայի Մարզիկներուն Ներկայութեան

Ռիտա Անթարի Հրաժեշտի Մրցումը Պարսելոնայի Մարզիկներուն Ներկայութեան

Լուսանկարները Տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Երէկ` երեքշաբթի, 4 յուլիսին Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի նախկին  աստղ Ռիտա Անթարի հրաժեշտի մրցումը` մասնակցութեամբ, Պարսելոնայի ֆութպոլի աստղերուն` Ժերար Փիքէի, Սերճիօ Պուսքեթցի եւ Եորտի Ալպայի: Անոր ներկայ գտնուեցան լիբանանցի ֆութպոլի համակիրներ, մեծ թիւով ֆութպոլի նախկին աստղեր, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի: Այս մրցումը աւարտեցաւ լիբանանցի աստղերէ կազմուած հաւաքականին յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով:...

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Կը Շարունակէ Պատրաստուիլ

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի «WBO»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ կը շարունակէ պատրաստուիլ անգլիացի Քրիս Եուպենք Ժունիորի դէմ տեղի ունենալիք մենամարտին: 37 տարեկան Աբրահամի եւ 27 տարեկան Եուպենքի միջեւ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 15 յուլիսին «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ: Այս ճակատումին յաղթականը, պիտի ստանայ «IBO»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը, որ ներկայիս կը պատկանի Եուպենքի:

«Չեմփիընզ Լիկ». Հայաստանի Ախոյեան Ալաշկերտ Ապահովեց Բ. Հանգրուանին Իր Տոմսը

«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան Անտորրայի մէջ հիւրը եղաւ երկրին ախոյեան Սանթա Քոլոմայի: Հայրենի կազմը, որ երթին, Երեւանի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկուան մրցումին, թէեւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ, սակայն ապահովեց զտումի Բ. հանգրուանին իր տոմսը, ուր կը մրցի «ՊԱԹԷ»-ի դէմ (Պիելոռուսիա): Երթի մրցումին...

Աղուան Պապիկեան Տեղափոխուեցաւ Լեհական Ռաքով

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի, Փիւնիկի եւ Ուլիսի նախկին միջնապահ Աղուան Պապիկեան տեղափոխուեցաւ Ռաքով, որ նախորդ տարեշրջանին ապահովեց Լեհաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր տոմսը: Այս մասին յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստին նախկին ակումբն էր լեհական Պելխաթուվնը, որուն հետ կատարած 39 մրցումի ընթացքին ան նշանակեց 9 կոլ:

Page 957 of 1277 1 … 956 957 958 … 1,277

Արխիւներ