ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով յայտնեց, թէ ուրախ է, որ աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեանը` Կերի Գասպարով որոշեց վերադառնալ ճատրակի աշխարհ, սակայն ան եկաւ յիշեցնելու, որ ՖԻՏԷ-ի թեքնիք յանձնախումբին որոշումով, Գասպարով մինչեւ յառաջիկայ հոկտեմբեր իրաւունք չունի որեւէ տեսակի մրցաշարքի մասնակցելու:
Յայտնենք, որ ՖԻՏԷ-ն անցեալին Գասպարովը մեղադրեց անոր նախագահական ընտրութիւններուն ասիական կարգ մը երկիրներու կաշառակերութեան մեղսակից ըլլալու ամբաստանութեամբ` Իլիումժինովին դէմ քուէարկելու միտումով: