Սպանացի միջազգային յառաջապահ Ֆերնանտօ Թորես որոշեց տարեշրջան մը եւս մնալ իր ակումբին` Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ, նկատի ունենալով, որ ան տարիով մը երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը:
33 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի ամառ:
Նախորդ տարեշրջանին ան 45 մրցումի ընթացքին նշանակեց 10 կոլ եւ կատարեց կոլի 7 փոխանցում: