Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին պատրաստուելու համար, կարգ մը խումբեր աշխատանք կը տանին իրենց կազմերը զօրացնելու:
Սաֆա յայտարարեց, որ Ահտէն 2 տարեշրջանի համար փոխ առած է 18 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Ժամալ Խալիֆէն: Ան ֆութպոլի աշխարհ մուտք գործած է Ահտի տարիքային խումբերէն:
Այլ գետնի վրայ, Սաֆա յաջողեցաւ ձեռք ձգել յառաջապահ Հիւսէյն Աուատան, որ նախորդ տարեշրջանին փոխ առնուած էր Ահտէն:
Սաֆա իր փորձերուն սկսաւ նախորդ շաբաթ` գլխաւորութեամբ մարզիչ Մոհամետ Տաքքայի եւ օգնական մարզիչ Ղասսան Ապու Տիապի:
Լիբանանի ախոյեան Ահտ իր կարգին յայտնեց, որ իր կազմին միացուցած է Ալի Սաատին, որ երկար տարիներ մաս կազմած է Սաֆայի:
Նշենք, որ Ահտ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան` իրեն մրցակից ունենալով Զամալեքը (Եգիպտոս), Ֆաթըհ Ռապաթին (Մարոք) եւ Նասըրը (Սէուտական Արաբիա):