Հայկական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներէն մէկուն իրաւարարները Հայաստանէն էին:
Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած Օրտապասի Շիմքենդ – Սիրոքի Պրիժեկ մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը եղաւ Զաւէն Յովհաննիսեան, կողմի իրաւարարներն էին Ատոմ Սեւգուլեան եւ Արման Ղուշչեան, իսկ չորրորդ իրաւարարը եղաւ Արտակ Սիմոնեան:
Այս մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: