Արժանթինեան Թիմփերլէի ուրուկուէյահայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան իր ակումբը լքելով տեղափոխուեցաւ Նիւըլզ Օլտ Պոյզին:
Վեց անգամ Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Օլտ Պոյզ, որ մէկ տարուան համար փոխ առաւ Գեւգէօզեանը, անոր ակումբին պիտի վճարէ 120 հազար եւրօ:
Օլտ Պոյզ առիթը ունի 600 հազար եւրոյով գնելու 31 տարեկան ֆութպոլիստի փոխանցման իրաւունքին 50 առ հարիւրը կամ մէկ միլիոն եւրոյով ձեռք ձգելու համար ամբողջական փոխանցումը:
2017-ին քոլոմպիական Աթլեթիքոյէն Թիմփերլէի միացած Մաուրօ Գեւգէօզեան այս տարեշրջանին 16 մրցումի ընթացքին նշանակեց 7 կոլ: