Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն Հափթուր» պանդոկին մէջ (Սին էլ Ֆիլ), Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոն – «Քլաս Սփոր» պաշտօնական համագործակցութիւնը յայտարարուեցաւ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նախօրեակին, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք)` 8-20 օգոստոսին:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի ներկայացուցիչ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա եւ ֆետերասիոնի անդամներ, յատուկ հրաւիրեալներ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերուն մարզիկները եւ մարզական լրագրողներ:
Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք Ֆուլա Ապպուտ հրաւիրեց ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիան, որ արտասանէ իր խօսքը:
Քախիա ըսաւ. «Այսօր բոլորս այստեղ մէկտեղուած ենք շնորհիւ «Քլաս Սփոր»-ի սեփականատէր Էլիաս Հաժի, որ որոշեց զօրավիգ կանգնիլ Լիբանանի տղոց ազգային խումբին:
«Բոլորս միասնաբար պիտի ըլլանք Լիբանանի կողքին, եւ միասնաբար կիրակի, 20 օգոստոսին պիտի բարձրացնենք ախոյեանութեան տիտղոսը:
«Վայելելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութիւնը` այս մրցաշարքը պիտի արդիւնաւորուի, որպէսզի պատմական իրադարձութիւն մը կերտենք»:
Ապա Էլիաս Հաժ խօսք առնելով ըսաւ.
«Անցեալին տարբեր առիթներով զօրավիգ եղած ենք Լիբանանի ազգային խումբերուն: Այսօր եւս կը կանգնինք անոնց կողքին:
«Կու գամ ըսելու, որ եթէ Լիբանանի տղաքը հանդիսանան ախոյեան, խումբին պիտի տրամադրենք յիսուն հազար ամերիկեան տոլարի նիւթական պարգեւ մը»:
Իսկ Զուքի քաղաքապետ Էլի Պաայնօ ըսաւ.
«Զուք Լիբանանի մարզական մայրաքաղաքն է` շնորհիւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին:
«Վերջին երկու ամիսներուն, այս մարզադաշտը վերածեցինք ո՛չ միայն Ասիոյ, այլ աշխարհի լաւագոյն դաշտերէն մէկը»:
Մամլոյ ասուլիսին աւարտին, Էլիաս Հաժ տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերուն շապիկը նուիրեց Քախիայի:
Իսկ աղջկանց խումբի խմբապետ Ռեպեքա Աքըլ մարզիկներուն ստորագրութեամբ մարզաշապիկ մը նուիրեց Քախիայի: