Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր հարսանիքին հիւրերէն խնդրած էր, որ նուէրներու փոխարէն, գումար փոխանցեն իր բարեսիրական հիմնադրամին, որ կ՛օգնէ աղքատ փոքրերուն:
«Մարքա»-ի համաձայն, 260 հարսնեւորները նուիրած են ընդամէնը 9500 եւրօ: Անոնց կարգին եղած էին ֆութպոլի աստղեր, անուանի անձնաւորութիւններ եւ հարուստ գործարարներ:
«Այդ գումարը աւելի ծիծաղելի կը թուի, երբ յիշես, թէ Մեսսիի խմբակից Ժերար Փիքէ իր պսակին օրը, 11 հազար եւրօ «ձգեց» Քազինօ-ին մէջ», կը գրէ վերոնշեալ կայքը:
Նշուեցաւ, թէ Մեսսի դժգոհ մնացած է, որ այդ գումարին վերաբերող տեղեկութիւններ յայտնուած են մամուլին մէջ:
Մեսսիի եւ Անթոնելա Ռոքուցոյի հարսանիքը տեղի ունեցաւ 30 յունիսին, Ռոզարիոյի մէջ (Արժանթին):