Ֆինլանտայի Թամփերէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքին վերջին օրը, երէկ Հայաստան տիրացաւ պրոնզէ մետալի մը:
Արսէն Յարութիւնեան (55 քկ) պրոնզէ մետալի համար իր կատարած գօտեմարտին 9-0 արդիւնքով յաղթեց Գերմանիան ներկայացնող Ռամզան Աւթայեւին:
4-6 օգոստոսին պայքարի մէջ կը մտնեն յունահռոմէական ոճի ըմբիշները, որոնց շարքին Հայաստան ունի 6 ներկայացուցիչ: