Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Խուան Մաթթա, իր աշխատավարձին մէկ տոկոսը պիտի տրամադրէ բարեսիրական նպատակի: Ան իր խմբակիցներուն կոչ ուղղեց` միանալու իրեն, որպէսզի այդ գումարը տրամադրուի ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու զաւակներու:
«Կ՛ուզեմ, որ խմբակիցներս եւս դիմեն այս քայլին եւ չզլանան իրենց աշխատավարձէն այս տոկոսը տրամադրել», ըսաւ Մաթթա: