Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Սինքուեֆիլտ Քափ-ի ճատրակի գերմրցաշարքին Բ. հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, բաւական մը պայքարելէ ետք, պարտուեցաւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայէն… 110-րդ շարժումին: Արոնեան այժմ ունի մէկ կէտ:
Մէկուկէսական կէտ ունին նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւ եւ նոյնինքն` Քարուանա:
3-րդ հանգրուանին Արոնեան սեւ քարերով կը մրցի ռուս Սերկէյ Քարժաքինի դէմ: