Ֆինլանտայի Թամփերէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Զուրաբեան տիրացաւ արծաթ մետալին:
50 քկ դասակարգին մէջ Զուրաբեան, որ աւարտականին ճակատեցաւ ազրպէյճանցի Շահին Մուխթարովի դէմ, չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել եւ հանդիսացաւ փոխախոյեան:
5-6 արդիւնքի ժամանակ, թէեւ հայ մարզիկը կատարեց հնարք մը, սակայն իրաւարարներու քննարկումներուն հիման վրայ կէտ մը եւս տրուեցաւ ազրպէյճանցիին, որ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 7-5 արդիւնքով: