Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան 8-20 օգոստոսին կը հիւրընկալէ Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ մայրիներու երկրին մէջ:
Աւստրալիոյ տղոց ազգային խումբը եղաւ առաջինը, որ հասաւ Լիբանան:
Աւստրալիա, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ (Ա. հանգրուան) Ճափոնը, Թայփէն եւ Հոնկ Քոնկը:
Նշենք, որ Աւստրալիոյ պիտի հետեւին շարք մը ուրիշ երկիրներ ալ, որոնք այսօրուընէ սկսեալ իրենց կարգին պիտի հասնին Պէյրութի միջազգային օդակայան:



