Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը կազմ ու պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ պասքեթպոլի 29-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 8-20 օգոստոսին Զուքի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ` հովանաւորութեամբ նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Անդրադառնալով մրցումներուն տոմսակներուն` ան ըսաւ, որ երէկուան տուեալներով, անոնց 50 տոկոսը արդէն իսկ սպառած է:
Կը մնայ միայն, որ բոլորը ուղղուին մարզադաշտ եւ ութ հազար համակիրներ միացեալ ձայնով քաջալերեն իրենց երկրին ազգային խումբը:
Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ ցարդ սպասողական վիճակի մէջ ենք` պետութենէն նիւթական օժանդակութիւն ստանալու գծով:
Սակայն պահը յարմար է ըսելու, որ «Սանիթա» ընկերութիւնը այժմ դարձած է ազգային խումբին գլխաւոր հովանաւորը:



