ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը, որ Տապլինի մէջ (Իրլանտա) բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ իտալական Սամտորիայի դէմ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան գլխու հարուածով մը նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը:
Անոր խմբակից սպանացի Խուան Մաթթա նշանակեց երկրորդ կոլը (81-րդ), մինչ իտալական կազմը իր միակ կոլը նշանակեց 63-րդ վայրկեանին:
Յայտնենք, որ Մանչեսթըրի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ Բ. կիսախաղին իր միջնապահ գիծը ամբողջութեամբ փոխեց, ներառեալ` Մխիթարեանը:
ՄԻՒՆԻԽԻ մէջ տեղի ունեցած «Օտի Քափ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ աւարտականին փենալթիներով` 5-4 արդիւնքով յաղթեց Լիվըրփուլի: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:
3-րդ դիրքի մրցումին, Նափոլի 2-0 արդիւնքով յաղթեց Պայէրն Միւնիխին, որ բաւական ձախող մրցումներ կատարեց այս մրցաշարքին:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ աւարտեց Միացեալ Նահանգներ իր կատարած շրջապտոյտը, երբ վերջին մրցումին փենալթիներով 4-2 արդիւնքով յաղթեց «Մէյճըր լիկ»-ի խումբերէն կազմուած հաւաքականին: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:
Ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտանի խումբին` Ռէալ Մատրիտի կոլը նշանակեց սպանացի Պորխա Մայորալ (59-րդ):