Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը սկսաւ ծախել իր նոր մարզիկին, պրազիլցի Նէյմարին մարզական շապիկները:
«Փարք տը Փրենս»-ի մարզադաշտին կից գտնուող վաճառատան առջեւ երկար շարքեր գոյացած են` այդ շապիկները գնել ուզողներու:
Մինչ այս մէկը տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի մէջ, անդին, Պարսելոնայի համակիրները, հիասթափած Նէյմարի տուած որոշումէն, փողոց իջած են ու կ՛այրեն անոր շապիկները:
«Մարքա» կը յայտնէ, որ քաթալոնիական ակումբին համակիրները 25 տարեկան իրենց նախկին ֆութպոլիստը դաւաճան, կը նկատեն:
Մայրաքաղաքի կազմին միանալով, Նէյմար պիտի կրէ թիւ 10 շապիկը: