Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) սկիզբ առած ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ» միջազգային մրցաշարքը սկսաւ յաղթանակով: Այս մրցաշարքը կ՛իյնայ «Կրանտ Չես Թուր»-ի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Արոնեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, 29-րդ շարժումին յաղթեց իր ռուս մրցակիցին` կրանտմասթըր Եան Նեփոմնիասչիի:
Ա. հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ ռուս Սերկէյ Քարժաքին եւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ:
Բ. հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող իտալացի Ֆապիանօ Քարուանա:
Մրցաշարքը կ՛աւարտի 11 օգոստոսին: 7 օգոստոսը հանգիստի օր է:



