Կիրակի, 13 օգոստոսին, Քֆարզեպիանի Ուարտէ կառատան մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆթ» ցուցադրական մրցումը` հսկողութեամբ «Տրիֆթ»-ի ախոյեան լիբանանցի Ապտօ Ֆըղալիի:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 20 վարորդներ:
Իրաւարարներու յանձնախումբին նախագահը պիտի ըլլայ Լիբանանի ռելիներու նախկին ախոյեան Նեպիլ Քարամ (Պիլի), որ իր կողքին պիտի ունենայ լիբանանցի այլ ախոյեան մը` Ժան-Փիեռ Նասրալլա:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս մարզով հետաքրքրուողներուն համար մուտքը պիտի ըլլայ ձրի: