2019-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի հաւաքականը իր նորամուտը նշեց յաղթանակով մը, երբ «Միքա» մարզահամալիրին մէջ 75-61 արդիւնքով յաղթեց Սլովաքիոյ:
Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, կիսախաղի դադարին հանդերձարան ուղղուեցաւ 16 կէտի առաւելութեամբ մը (46-30):
Հայաստանի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց զուիցերիական Պալ Սթարվինկս խումբի մարզիկ Էլըն Հես, որ նշանակեց 22 կէտ: Հիւր կազմէն Ռատօ Ռանչիք նշանակեց 20 կէտ:
Հայաստանի գլխաւոր մարզիչն է Նիքշա Պաւցեւիչ (Խրուաթիա):
Հայրենի լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ թէեւ մուտքը ազատ էր, բայց զգալի էր համակիրներուն բացակայութիւնը թրիպիւններուն վրայ:
Հայաստանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Շուէտ (5 օգոստոս):