Ռուսական մամուլին համաձայն, Ռէալ Սոլթ Լէյքի («Մէյճըր լիկ») յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան կրնայ վերադառնալ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն եւ միանալ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահը նախապէս` 2011-էն 2016 ելոյթ ունեցած է Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն` մաս կազմելով Քրասնոտարի եւ Սպարտակ Մոսկուայի:



