«Տէյլի Մէյլ» կը յայտնէ, որ Պարսելոնա կը պատրաստուի 120 միլիոն եւրոյի առաջարկ մը ներկայացնել Լիվըրփուլի` ձեռք ձգելու համար անոր պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիոյի ստորագրութիւնը:
Պարսելոնա կ՛ուզէ ձեռք ձգել Քութինիոյի ստորագրութիւնը, որպէսզի ան դառնայ Անտրես Ինիեսթան փոխարինողը երկար տարիներու համար` նկատի ունենալով, որ վերջինս թէեւ լաւ արդիւնք կ՛արձանագրէ, սակայն իր քիչ մը յառաջացած տարիքին պատճառով ամբողջ 90 վայրկեան չի կրնար դաշտ ներկայանալ: