Մաքսիմ Մանուկեան Հռչակուեցաւ Աշխարհի Ախոյեան
Փարիզի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին մէջ երէկ պայքարի սկսան 59-66-80-130 քկ կշիռքի դասակարգերու ըմբիշները: Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 80 քկ կշիռքի աւարտական մրցումին Մաքսիմ Մանուկեան մրցեցաւ այս տարուան Եւրոպայի փոխախոյեան, Պիելոռուսիան ներկայացնող Ռատիկ Քուլիեւի հետ: Մաքսիմ Մանուկեան յաղթեց 5-0 արդիւնքով եւ առաջին անգամ ըլլալով իր մարզական ասպարէզին մէջ տիրացաւ աշխարհի ախոյեանութեան: Ան պայքարը սկսած էր...






