Միշտ Դէպի Ետ
. Մարզահամալիրի մը մէջ մարզանքներու մասնակցող անձ մը ետ-ետ կը վազէ: Կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ այդպէս կ՛ընէ, մարդը կը պատասխանէ.
– Չէ՞ք տեսներ. նիհար եմ, կ՛ուզեմ գիրնալ:
Ուղեղային Ցնցում
. Կին մը իր նոր դրացուհիին բացատրութիւններ կու տայ իր ամուսինին մասին:
-Ամուսինս ֆութպոլէն ուղեղային ցնցում ունեցած է:
– Ֆութպոլի՞ստ էր:
– Ո՜չ, պատկերասփիւռէն դիտած ատեն գլուխը պատին կը զարնէր:
Յարգենք Ամուսինները
Երբ կիներու մարզական մրցումներ դիտէք, վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգեցէ՛ք անոնց ամուսինները, որովհետեւ խեղճերը անօթի պիտի մնան ամբողջ օրը, իսկ պարտութեան պարագային…
«Տո՜մս, Եկո՛ւր Սիրեմ Քեզ»
. Մոնտիալի աւարտական մրցումէն օրեր առաջ մարդ մը թերթին մէջ հրապարակած է հետեւեալը.
– Լաւ պայմաններով ամուսնութիւն կ՛առաջարկեմ այն աղջկան, որ աւարտական մրցումին տոմսերէն ունի: Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են, թող հաճին ղրկել տոմսին նկարը:
Համակիրներու Ալի՜Ք
– Լսեցի՞ր, Հայաստանի մէջ արգիլած են մրցումներու ատեն համակիրներու կողմէ կատարուող ալիքները:
– Ինչո՞ւ:
– Որովհետեւ ամէն անգամ քանի մը ապարանցի կը խեղդուի: