Whoscored.com ներկայացուցած է Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի վիճակագրութիւնը Սուանսիի դէմ մրցումին:
Մխիթարեան երկու հարուած կատարած է բերդին ուղղութեամբ: Անոր 62 փոխանցումներէն խմբակիցներուն հասած է 90,3 առ հարիւրը: 28-ամեայ ֆութպոլիստը երկու անգամ յաջողութեամբ շրջանցած է մրցակիցները, մէկական անգամ խլած է գնդակը, կասեցուցած է մրցակիցի յարձակումը: Մխիթարեան միայն մէկ ֆաուլ ըրած է, անոր դէմ երկու ֆաուլ ըրած են:
Հենրիխ Մխիթարեան ստացած է 8,75 նիշ, որ ամէնէն բարձրն է Մանչեսթըր Եունայթըտի մէջ:
Մխիթարեան այս մրցումին եւս կատարեց երկու կոլային փոխանցում: