Արձագանգ Սպանիոյ Գերբաժակէն Ետք. Զիտան. «Այժմ Պարսելոնայի Հետ Դիմակայութիւնը Կը Շարունակուի «Լա Լիկա»-ի Մէջ»
Սպանիոյ գերբաժակը դարձի մրցումին Պարսելոնային յաղթելով (2-0) նուաճելէ ետք, Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զ. Զիտան իր խումբի բոլոր խաղացողները գովեց: «Այս մրցումին մէջ բոլորն ալ լաւ կը խաղային, միայն Ասենսիոն առանձնացնել պէտք չէ: Մենք շատ լաւ սկսանք մրցաշրջանը եւ նուաճեցինք երկու գերբաժակներ: Այս մրցումին առաջին կիսախաղը շատ դիտարժան էր: Բ. կիսախաղին մրցակիցը խնդիրներ ստեղծեց, բայց մենք ուրախ ենք այս արդյիւնքով:...






