Փարիզի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին մէջ երէկ պայքարի սկսան 59-66-80-130 քկ կշիռքի դասակարգերու ըմբիշները:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 80 քկ կշիռքի աւարտական մրցումին Մաքսիմ Մանուկեան մրցեցաւ այս տարուան Եւրոպայի փոխախոյեան, Պիելոռուսիան ներկայացնող Ռատիկ Քուլիեւի հետ:
Մաքսիմ Մանուկեան յաղթեց 5-0 արդիւնքով եւ առաջին անգամ ըլլալով իր մարզական ասպարէզին մէջ տիրացաւ աշխարհի ախոյեանութեան:
Ան պայքարը սկսած էր զտումի փուլէն` փայլուն յաղթանակ տանելով Իրանի ներկայացուցիչին դէմ: Յաջորդ հանգրուանին ան յաղթեց Եուսեֆ Ալեքս Քեսիտիսի, ապա քառորդ աւարտականին` գերմանացի Փասքալ Էիսելի: Կիսաւարտականին Մանուկեան մաքուր յաղթանակ տարաւ վրացի Զուրապի Տաթունաշվիլիի հետ գօտեմարտին մէջ:
Միւս կողմէ, 66 քկ կշիռքի դասակարգին մէջ Կարէն Ասլանեան 7-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ ազրպէյճանցի Քամրան Մամատովի դէմ` 7-1:
Կարէն Ասլանեան պրոնզէ մետալին համար կը գօտեմարտի ռուս Արտեոմ Սուրքովի դէմ: