Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան նուաճեց Սենթ Լուիսի մէջ արագ եւ կայծակնային խաղի մրցաշարքի ախոյեանի տիտղոսը:
Աւարտէն երկու փուլ առաջ արդէն Արոնեան` շահելով 22,5 կէտ, անհասանելի դարձած էր հետապնդողներուն համար:
«Կրանտ Չես Թուր»-ի վերջին փուլը «Լոնտոն Չես Քլասիք»-ն է, որուն հրաւիրեալ մասնակից դարձած է անգլիացի Մայքլ Ատամս: Միւս մասնակիցներն են Հայաստանէն Լեւոն Արոնեան, աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, ամերիկացիներ Ֆապիանօ Քարուանա, Հիքարու Նաքամուրա, Ուեսլի Սօ, ռուսեր Սերկէյ Քարիաքին ու Եան Նեփոմնիաշչի, ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ եւ աշխարհի նախկին ախոյեան, հնդիկ Վիշուանաթան Անանտ:
«Լոնտոն Չես Քլասիք»-ը պիտի սկսի 20 նոյեմբերին եւ պիտի աւարտի 11 դեկտեմբերին:
«Կրանտ Չես Թուր»-ի չորս փուլերէն ետք Արոնեան ընդհանուր դասաւորման մէջ երրորդն է` զիջելով Մակնուս Քարլսընի եւ Վաշիէ-Լակրաւի: