Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծիծաղ…Ծիծաղ…Ծիծաղ

August 22, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեղաւոր Է… Ծնողքը

. Միացեալ Նահանգներու քաղաքի մը  պասքեթպոլի խումբի երեք համակիրներ կը զրուցեն «Էն.Պի.Էյ.»-ի մրցումներուն ձախող արդիւնքներ արձանագրող իրենց խումբին մասին:

Առաջինը պատասխանատու կը նկատէ մարզիչը.

«Եթէ մենք աւելի լաւ մարզիկներ գնէինք, շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛ունենայինք»:

Երկրորդը կը մեղադրէ մարզիկները.

«Եթէ մեր մարզիկները աւելի ջանք թափեն. նուիրումով խաղան, մենք մեծ ակումբ ենք»:

Երրորդը կ՛ըսէ.

«Ես կը մեղադրեմ իմ ծնողքս: Եթէ ես տարբեր քաղաքի մը մէջ ծնած ըլլայի, այժմ այլ խումբի մը համակիրը կ՛ըլլայի»:

 

Անունը Վտանգաւոր

. Լոնտոնի մէջ տարիներ առաջ տեղի ունեցած Արսենալ-Թոթընհամ լարուած մրցումին ընթացքին, համակիրներ կը սկսին իրարու վրայ նետել ուիսքիի շիշեր: Տարեց համակիր մը կը նշմարէ, որ իր կողքին կանգնած երիտասարդը կը սարսափի: Մխիթարելու համար կ՛ըսէ.

«Տե՛ս, մի՛ վախնար, մտահոգուելիք բան չկայ: Ասիկա պատերազմի ընթացքին ռումբերու կը նմանի: Քեզ չի հարուածեր, բացի եթէ քու անունդ վրան գրուած է»:

Երիտասարդը կ՛ըսէ.

«Ճիշդ ատոր համար կը վախնամ… իմ անունս Ճոնի Ուոքըր է…»:

 

«Ե՛ս Ե՞րբ Պիտի Պոռամ»

. Բռնցքամարտիկ մը կը դժգոհի.

«Մանուկ էի, մայրս վրաս կը պոռար: Դպրոց սկսայ յաճախել, ուսուցչուհիս սկսաւ վրաս պոռալ: Ամուսնացայ, կինս սկսաւ վրաս պոռալ: Զաւակ ունեցայ, ան սկսաւ վրաս պոռալ: Այժմ մարզիչս վրաս կը պոռայ: Խերն անիծածս, իմ պոռալու կարգս ե՞րբ պիտի գայ:

 

Խիզախ Իրաւարարը

.

Մարդ մը կը հասնի դրախտի մուտքին, ուր Պետրոս առաքեալ ողջունելով զինք կը հարցնէ.

«Նախքան արտօնեմ, որ մտնես, պէտք է քեզի հարցնեմ, թէ կեանքիդ մէջ ի՛նչ ըրած ես յատուկ լաւ բան մը»:

Մարդը գլուխը կը չարչրկէ քանի մը վայրկեան: Ապա յուսահատ Պետրոս առաքեալին կ՛ըսէ.

«Յատուկ լաւ բան մը չեմ ըրած»:

Պետրոս առաքեալ մարդուն օգնելու նպատակով կը հարցնէ.

«Որեւէ խիզախ, քաջ բան մը չե՞ս ըրած»:

Մարդը հպարտ կը պատասխանէ.

«Այո՛, այո՛, ըրած եմ»:

«Կրնա՞ս զեկուցել ատոր մասին», կ՛ըսէ առաքեալը:

Ուրեմն մարդը կը բացատրէ.

«Ես իրաւարարն էի այս շատ կարեւոր մրցումին Ֆեներպահչէի  եւ Պեշիկթաշի միջեւ, Ֆեների դաշտին վրայ: Մրցումը կ՛ընթանար 0-0 եւ խաղի աւարտին մնացած էր միայն 30 երկվայրկեան, երբ ես Պեշիկթաշին  փենալթի մը շնորհեցի Ֆեներպահչէի կատղած համակիրներուն առջեւ…»:

«Այո՛, այո՛, իսկապէս քաջ արարք մըն է», կ՛ըսէ Պետրոս առաքեալ եւ կը հարցնէ. «Կը յիշե՞ս երբ տեղի ունեցաւ այդ դէպքը»:

«Անշո՛ւշտ, մօտաւորապէս երեք վայրկեան առաջ»:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շուտափոյթ Ապաքինում Կը Մաղթէ Լիբանանեան Բանակի Վիրաւոր Զինուորներուն

Յաջորդը

Կէս-Մարաթոն` 21 Քմ Վազք Պեքաայի Մէջ

RelatedPosts

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…
Մարզական

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…

November 4, 2026
Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին
Մարզական

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

November 4, 2026
17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ.  Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները
Մարզական

17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ. Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.