Սենթ Լուիսի մէջ աւարտեցաւ արագ ճատրակի մրցաշարքը: Վերջին հանգրուանին Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով մրցեցաւ քուպացի Լենիեր Տոմինկեսի հետ եւ 52-րդ քայլին պարտութեան մատնեց զայն, առանձին գրաւելով առաջին դիրքը` 12 կէտով:
7-րդ հանգրուանին հայ կրանտմասթըր պարտութեան մատնած էր աշխարհի ախոյեանի նախկին թեկնածու, ռուս Սերկէյ Քարիաքինը, իսկ նախավերջին հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրած էր ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի հետ:
Այսօր պիտի սկսի կայծակնային խաղի մրցաշարքը, որուն արդիւնքները կը գումարուին արագ ճատրակի մրցաշարքի արդիւնքներուն:
Առաջին հինգ դիրքերը գրաւողներուն կէտերը.