Թայուանի մայրաքաղաք Թայփէի մէջ ընթացող Ուսանողական համաշխարհային մարզական 29-րդ խաղերը, մասնակից երկիրներու եւ մարզիկներու քանակով եւ մրցաշարքի մակարդակով ողիմպիական խաղերէն ետք մեծագոյն մարզական իրադարձութիւններն են: Այս տարի ամառնային խաղերուն կը մասնակցին 131 երկրի 7639 մարզիկ, որոնք 21 մարզաձեւերու մէջ կը ձգտին 275 մետալի: Հայաստանի ուսանող 16 մարզիկները կը մասնակցին 7 մարզաձեւերու մէջ` ծանրամարտ, մարմնամարզութիւն, ճիւտօ, ջրացատկ, սուսերամարտ, թէյքուանտօ եւ ուու շու: 19 օգոստոսին ` խաղերու հանդիսաւոր բացման օրը, մետալներու համար մղուող պայքարին առաջինը մասնակցեցաւ մարմնամարզիկներու հաւաքականը:
Մարմնամարզութեան Հայաստանի ազգային հաւաքականի կազմին մէջն են 2012-ի եւ 2016-ի ողիմպիական խաղերու մասնակից, յենացատկի 2016-ի Եւրոպայի փոխախոյեան, միջազգային բազմաթիւ մրցանակներ նուաճած Արթուր Դաւթեան եւ 2015-ի ամառնային համաշխարհային ուսանողական մարզական 28-րդ խաղերու ախոյեան Արթուր Թովմասեան: Ընդհանուր առմամբ` Թայփէ մեկնած են Հայաստանի 29 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` 3 ղեկավար, 3 իրաւարար, 7 մարզիչ, 16 մարզիկ:
Հայ մարզիկներէն 20 օգոստոսին պայքարի մէջ մտած են մարմնամարզիկները եւ ջրացատկները:
Մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան աւարտական հանգրուան հասած է յենացատկեր, օղակներ վարժութիւններուն եւ բազմամարտի մէջ, իսկ Արթուր Թովմասեան` օղակներու մէջ: