Փորթուգալցի կախարդ Ֆաֆէ յայտարարած է, որ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ունի իր օգնութեան կարիքը, եւ առաջարկած է իր ծառայութիւնները:
Ֆաֆէ կը կարծէ, որ ֆութպոլիստը տուրքերու կապուած դատարանին մէջ յայտնուած է, այժմ ալ կախակայուած է, ժամանակին ըրած սխալի մը պատճառով: 2005 թուականին Ռոնալտօ չէր ուզած ներկայ ըլլալ հօր թաղման: Ան չէր հեռացած Փորթուգալի խումբէն, որ այն ժամանակ Մոսկուայի մէջ կը պատրաստուէր Ռուսիոյ դէմ աշխարհի ախոյեանութեան զտումի խաղին:
«Ռոնալտօ այժմ հոգեբանօրէն եւ ֆիզիքապէս թոյլ է: Մրցումին մասնակցելու համար ան չէր մեկնած հօր թաղման: Ան երկար ժամանակ չէր խօսեր հօրը հետ, մահէն ետք ալ չուզեց վերջին հրաժեշտին երթալ: Այդ բոլորը ժամանակի ընթացքին հսկայական բացասական ներուժ կը կուտակէ: Այդպիսի վարքը միշտ հետեւանքներ կ՛ունենայ: Լաւ կախարդը կը լուծէր անոր խնդիրները: Պատրաստ եմ անվճար օգնել Ռոնալտոյին», ըսաւ կախարդը:
Մինչ հարցը հետեւեալն է. Ռոնալտօ այդ թուականին մաս կը կազմէր Մանչեսթըր Եունայթըտի, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կարեւոր մրցում մը ունէր: Հակառակ ատոր, մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն արտօնեց Ռոնալտոյի, որպէսզի մեկնի Փորթուգալ` իր հօր: Ռոնալտօ միշտ շնորհակալութիւն յայտնած է:
Այժմ կախարդը ի՞նչ կը հետապնդէ… կը մնայ խորհրդաւոր…: