Ֆութպոլի Եւրոպայի Լիկայի փլէյ-օֆի հանգրուանի մրցումներուն, մակեդոնական Վարտար խումբը իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց թրքական Ֆեներպահչէն:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Յովհաննէս Համբարձումեան եւ Տիգրան Բարսեղեան մակեդոնական խումբին մէջ շատ լաւ խաղարկութիւն ունեցան:
Մրցումի 20-րդ վայրկեանին հաշիւը բացաւ Տիգրան Բարսեղեան` գրաւելով թրքական կազմին բերդը եւ ապշեցնելով բերդապահը: