Ուքրանիոյ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած Սթալ խումբը Քիեւի մէջ 1-4 արդիւնքով պարտուեցաւ Տինամոյէն, որուն կազմին մէջ կոլային փոխանցման հեղինակ դարձաւ 19-ամեայ յետսապահ Արթուր Դանիէլեան, որ ամբողջ մրցումը խաղաց: 90 վայրկեան նոյնպէս խաղաց Սթալի եւ Հայաստանի հաւաքականի միջնապահ Էտկար Մալաքեան: Գոռ Մալաքեան ստացաւ դեղին քարտ եւ փոխարինուեցաւ 77-րդ վայրկեանին:
Գերմանիոյ երկրորդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի երրորդ հանգրուանին, Եան Ռեկենսպուրկ հիւրընկալուելով 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ինկոլշթատին: Հիւրերու կազմին մէջ 77 վայրկեան խաղաց Հայաստանի ազգային հաւաքականէն հրաւէր ստացած յառաջապահ Սարգիս Ադամեան:
Կիպրոսի ախոյեանութեան մրցաշարքի առաջին հանգրուանին ՆԷԱ Սալամիս իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով աւարտեց Անորթոսիսի դէմ մրցումը: Դաշտի տէրերուն կազմին մէջ առաջին պաշտօնական մրցումին մասնակցեցան Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Տարոս Ոսկանեան եւ Դաւիթ Մանոյեան: