Փարիզի մէջ սկսած ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, 98 քկ կշիռքի դասակարգի պայքարին մէջ, ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան 3-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան` յաղթելով ռուս Մուսա Եւլոյեւին:
Եզրափակիչի առաջին մրցափուլին ըմբիշները վաստկեցան մէկական միաւոր: Ընդմիջումէն ետք առաջին միաւորը շնորհուեցաւ Արթուր Ալեքսանեանին: Գօտեմարտի աւարտին հայ ըմբիշը մրցակիցը դուրս հրեց մրցագորգէն եւ յաղթեց 3-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ կիսաւարտականին Արթուր Ալեքսանեան 58 վայրկեանին 8-0 արդիւնքով տապալեց Ուզպեքիստանը ներկայացնող Ռուստամ Ասաքալովը: Քառորդ աւարտականին մրցեցաւ վրացի Ռեւազի Նատարէիշվիլիի հետ: Հայ ըմբիշը մինչեւ վերջին վայրկեանը 2-1 կը պարտուէր, սակայն գօտեմարտի վերջին երկվայրկեաններուն գեղեցիկ հնարքով հաստատեց իր բարձր կարգը եւ յաղթեց 6-2 արդիւնքով` նուաճելով կիսաւարտականի իր տոմսը: