Սպանիոյ Սապատել քաղաքին մէջ աւարտեցաւ ճատրակի վեթերաններու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: 50-էն բարձր տարիքային խումբի Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Մովսիսեան, որ 9 կէտէն շահեցաւ 7 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ռուս Եւկենի Քալեկին եւ Կենատի Թունիք:
Մրցաշարքին (9 հանգրուան) մասնակցեցան ճատրակի 51 վարպետներ: